«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանի օդակայաններուն մէջ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքի վերաբերեալ գրութիւն ուղարկած է ՌԴ-ի մէջ այդ երկրի դեսպանատան:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ «Ռիա նովոսթի»-ն:
«Մոսկուայ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութենէն Ազրպէյճանի մէջ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ ազգային պատկանելութեամբ պայմանաւորուած խտրական վերաբերմունքի մասին յուշագիր ստացած է»,- «Ռիա նովոսթի»-ին յայտնած է իր դիւանագիտական աղբիւրը:
Ռուսիոյ ԱԳՆ խօսնակ Մարիա Զախարովան Յունուար 11-ին յոյս յայտնած էր, որ Ազրպէյճանը վերջ կու տայ ՌԴ քաղաքացի հայերուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին եւ չարգիլեր անոնց մուտքը Ազրպէյճան:
Գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ճեպազրոյցի ժամանակ Մարիա Զախարովան մասնաւորապէս մատնանշած էր ընկերային կայքերու մէջ կատարուած գրառումներու մէջ ազրպէյճանական իշխանութեան կողմէ ՌԴ քաղաքացիներուն նկատմամբ ցեղային ծագումով պայմանաւորուած ցուցաբերուող խտրական վերաբերմունքը:
«Նախորդ տարուան ընթացքին մենք տեղեկացած ենք առնուազն 16 դէպքի մասին, երբ ՌԴ քաղաքացիներուն արգիլուած է մուտք գործել Ազրպէյճան: Այդ քաղաքացիներուն սպասեցուցած են, ապա առանց որեւէ պատճառաբանութեան ետ ուղարկած ՌԴ»,- նշած էր Զախարովան:
Զախարովան նշած էր, որ ՌԴ իշխանութիւնը Ազրպէյճանին բազմիցս յորդորած են վերջ տալ այդ արարքին, քանի որ անոնք ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն տեսանկիւնէն ընդունելի չեն:
«Ազրպէյճանի իշխանութիւնը վստահեցուցած է, որ կը շտկուի իրավիճակը, եւ մենք յոյս ունինք, որ այդ մէկը տեղի կ’ունենայ»,- յոյս յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ խօսնակը: