«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանցի նախարարներ եւ այլ պաշտօնատարներ երէկ հանդիպում ունեցան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ՝ քննարկելու Յունուար 19-20-ին ընկերատնտեսական զարգացման արարաբական գագաթնաժողովի օրակարգը: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումէն:
Գագաթնաժողովը պիտի շօշափէ արաբական պետութիւններուն առջեւ ծառացած տնտեսական ընդհանուր խնդիրները եւ մասնաւորաբար սուրիացի գաղթականներու հետ կապուած ճգնաժամը, որ, ի հաշիւ առկայ հարցերուն, դուռ կը բանայ բազում այլ բարդութիւններու: Այս մասին ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթելի հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:






