«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Թրամփի յայտարարութեան, նշած է, որ ԱՄՆ նախագահի խօսքերը տխրեցուցած են զինք:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Հապերլեր»-ը:
ԱՄՆ նախագահի յայտարարութենէն ետք Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թրամփի հետ:
Էրտողան նշած է, որ չնայած Թրամփի՝ պատժամիջոցներու միջոցով Թուրքիան «ոչնչացնելու» սպառնալիքներուն՝ հեռախօսազրոյցը բաւականին դրական մթնոլորտի մէջ անցած է, եւ աւելցուցած է, որ քննարկուած է նաեւ սուրիական Մանպիժի մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցը:
«Հեռախօսազրոյցը բաւական դրական մթնոլորտի մէջ անցած է, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք յանգած ենք կարեւոր պատմական փոխըմբռնումի»,- նշած է Էրտողան:






