«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի ՏԻՄ-ը ընդդիմադիր «Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդ»-ին թոյլատրած է Յունուար 19-ին հանրահաւաք իրականացնել:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:
Քաղաքապետարանը թոյլատրած է հանրահաւաքը իրականացնել Պաքուի Եասամալի շրջանի Մահսուլ մարզադաշտին մէջ:
Ազրպէյճանի ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդը ձեւաւորուած է 2013-ին Ազրպէյճանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններէն ետք՝ շարք մը ընդդիմադիր ուժեր միաւորելով իր մէջ:






