«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիին ուղղուած նամակին մէջ կը պահանջէ Իրանի մէջ կալանաւորուած լիբանանցի քաղաքացի Նիզար Զաքքայի ազատ արձակումը:
Վարչապետի պաշտօնակատարի նամակը Ռուհանիին փոխանցած է Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Ժալալ Ֆիրուզնիան:
Նշենք, որ Զաքքայի ընտանիքը բազմիցս մեղադրած է Լիբանանի կառավարութիւնը՝ անոր ազատ արձակումին համար անհրաժեշտ միջոցներու չձեռնարկելուն համար:






