Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Կարօ Փայլան Գրած Է Թուրքիոյ Մէջ Առկայ Տնտեսական Ճգնաժամին Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան խօսած է Թուրքիոյ մէջ առկայ տնտեսական խոր ճգնաժամին մասին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փայլան այս մասին գրած է թուիթըրի իր էջին վրայ:

Խօսելով տնտեսական խոր ճգնաժամին մասին՝ պատգամաւորը նշած է, որ այդ վիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն ժողովրդավարական եւ տնտեսական հիմնաւոր փոփոխութիւններու միջոցով:

«Տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ ենք, գործազրկութեան մակարդակը երթալով կ’աճի, ներդրումներու ծաւալը նահանջ կ’արձանագրէ, արդիւնաբերութեան ծաւալը նուազած է 6.5 տոկոսով»,- գրած է Փայլան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին