«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալ Տեյվիտ Հալէին՝ իսրայէլեան սահմանային գործողութիւններուն կապակցութեամբ մտահոգութիւն յայտնելէ ետք, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը մեղադրեց Ուաշինկթընը Լիբանանի ներքին խնդիրներուն միջամտելուն համար:
«ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալ Տեյվիտ Հալէն դրսեւորեց շարք մը դիրքորոշումներ, որոնք կարելի է ուղղակի միջամտութիւն համարել այլոց ներքին գործերուն»,- նշուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ՝ հրապարակուած նախքան վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանի հանդիպումը:






