Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Պասիլ Ափսոսանք Կը Յայտնէ Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ Արաբական Գագաթնաժողովին Չմասնակցելու Որոշումին Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ երէկ լիպիացի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումին ափսոսանք յայտնեց Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովին չմասնակցելու որոշումին կապակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումէն:

Պասիլ կը հաստատէ, որ Լիպիա մտադիր է պոյքոթել Յունուար 19-20 նշանակուած Պէյրութի ընկերատնտեսական զարգացման գագաթնաժողովը, որուն մեկնակէտ կարելի է համարել խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորած Ամալ շարժումի զօրակիցներուն սպառնալիքները, ուր վերջիններս նշեցին, որ պիտի չթոյլատրեն Լիպիոյ պատուիրակութեան վերադարձը երկիր, եթէ Լիբանան ժամանեն գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին