Երեքշաբթի, 17. 03. 2026

spot_img

Ձեւաւորուած Նոր Մշակոյթի Համաձայն՝ Արա Պապլոյեան Արարատ Միրզոյեանին Փոխանցած Է Խորհրդարանի Ղեկավարումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խորհրդարանական աշխատանքին մէջ ձեւաւորուած է նոր մշակոյթ, որուն համաձայն՝ Յունուար 14-ին ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելէն ետք Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպած է ՀՀ 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան: Հանդիպումին խորհրդարանի նախկին ղեկավարը արդէն ԱԺ նախագահի պաշտօնը ստանձնած Արարատ Միրզոյեանին փոխանցած է օրէնսդիր մարմինի հետագայ ղեկավարումը՝ մաղթելով յաջողութիւններ: Արա Պապլոյեան կարեւորած է օրէնսդիր մարմինին մէջ նորընտիր ղեկավարի պարտականութիւններու լիարժէք իրականացումը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ երախտագիտութիւն յայտնելով շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթանքներուն համար՝ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Արա Պապլոյեանին՝ դժուարին ժամանակահատուածի մէջ Ազգային ժողովի բնականոն գործունէութիւնը ապահովելուն համար, կարեւորած է խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած դրական աւանդոյթներու շարունակականութեան ապահովումը, նորերու ձեւաւորումն ու զարգացումը:

Արա Պապլոյեան խորհրդարանի ղեկավարին ծանօթացուցած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահի աշխատանքային պայմաններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին