Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Լիբանանի Պաշտօնատարները Իսրայէլի Սահմանային Գործողութիւններուն Կապակցութեամբ Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի՝ Քաղաքական Հարցերով Տեղակալին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առանձին հանդիպումներու ժամանակ Լիբանանի ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալ Տեյվիտ Հալէին մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի ինքնիշխանութեան սպառնացող իսրայէլեան գործողութիւններուն կապակցութեամբ:

Այնուհետեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալը անդրադարձ կատարեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն՝ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին:

Ի միջի այլոց, Հալէ նշեց, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէին պատուիրած է իրեն գալ Լիբանան՝ ոչ միայն քննարկելու ԱՄՆ-ի շրջանային ռազմավարութիւնը, այլ նաեւ կեդրոնանալու ԱՄՆ-Լիբանան յարաբերութիւններու կարեւորութեան վրայ եւ միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելու Լիբանանին անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու՝ միջազգային պարտաւորութիւնները լիարժէք կատարելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին