«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առանձին հանդիպումներու ժամանակ Լիբանանի ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալ Տեյվիտ Հալէին մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի ինքնիշխանութեան սպառնացող իսրայէլեան գործողութիւններուն կապակցութեամբ:
Այնուհետեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալը անդրադարձ կատարեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն՝ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին:
Ի միջի այլոց, Հալէ նշեց, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէին պատուիրած է իրեն գալ Լիբանան՝ ոչ միայն քննարկելու ԱՄՆ-ի շրջանային ռազմավարութիւնը, այլ նաեւ կեդրոնանալու ԱՄՆ-Լիբանան յարաբերութիւններու կարեւորութեան վրայ եւ միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելու Լիբանանին անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու՝ միջազգային պարտաւորութիւնները լիարժէք կատարելու համար:






