«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանցի 9 քաղաքական բանտարկեալներ հացադուլ սկսած են եւ իրենց համերաշխութիւնը յայտնած Դեկտեմբեր աւարտին բանտը հացադուլ սկսած ընդդիմադիր էջատէր Մեհման Հուսէյնովին:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Օգթայ Կիւլալիեւի փոխանցմամբ՝ հացադուլ սկսած քաղաքական բանտարկեալներուն հաւանական է, որ միանան նաեւ այլ քաղաքական բանտարկեալներ:
Կաշառակերութեան դէպքերու բացայայտումներ իրականացնող ընդդիմադիր աքթիվիստ եւ էջատէր Մեհման Հուսէյնովը Դեկտեմբեր 26-ին բանտը հացադուլ սկսած է:
Հացադուլի պատճառ հանդիսացած է իրեն դէմ յարուցուած նոր շինծու քրէական գործը: Հուսէյնովը կը մեղադրուի քննչական մեկուսարանի հսկիչներէն մէկը ծեծելու մէջ, սակայն ինքը կը պնդէ, որ այդ մեղադրանքը ամբողջութեամբ կեղծ է: