«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ երէկ լիպիացի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումին ափսոսանք յայտնեց Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովին չմասնակցելու որոշումին կապակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումէն:
Պասիլ կը հաստատէ, որ Լիպիա մտադիր է պոյքոթել Յունուար 19-20 նշանակուած Պէյրութի ընկերատնտեսական զարգացման գագաթնաժողովը, որուն մեկնակէտ կարելի է համարել խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորած Ամալ շարժումի զօրակիցներուն սպառնալիքները, ուր վերջիններս նշեցին, որ պիտի չթոյլատրեն Լիպիոյ պատուիրակութեան վերադարձը երկիր, եթէ Լիբանան ժամանեն գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով:






