Հայրենադարձները Կը Պատմեն – 1 –
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Զարթօնք», որ հայրենիքէն կը շարունակէ յօդուածներ, հարցազրոյցներ ու հետաքրքրական տեսաձայնագրութիւններ ներկայացնել, իր «Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ եւ «Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ» շարքերով, այսօր կու գայ անոնց վրայ աւելցնելու նոր շարք մը եւս՝ «Հայրենադարձները Կը Պատմեն…» ընդհանուր խորագրով: Շարքի նպատակն է ներկայացնել Հայաստան ու Արցախ բնակող հայրենադարձներու կեանքը, որոնք զանազան պատճառներով աշխարհի տարբեր երկիրներէ վերադարձած են հայրենիք՝ մշտական բնակութեան:
Շարքի առաջին հերոսը սուրիահայ ոսկերիչ Սահակ Քէշիշեանն է, որ Հայաստան տեղափոխուած է 2012 թուականի Փետրուարին Սուրիայէն, երբ կը ռմբակոծուէին հայկական թաղամասերը: Սահակ Քէշիշեանը երկու մանկահասակ երեխաներուն եւ իր կնոջ հետ կ’ապրի Երեւան, ուր բնակարան վարձած է եւ կը զբաղի արծաթեայ զարդերու պատրաստութեամբ ու վաճառումով: Կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ դժուարութիւններ ունեցած են, մինչեւ օրս ալ ունին, սակայն ամէն ինչ դէպի լաւը կ’երթայ, չեն դժգոհիր: Այժմ Վերնիսաժի մէջ փոքրիկ տարածք վարձակալած է ու իր ձեռքի աշխատանք- զարդերը կը վաճառէ: Կինը կը զբաղի երեխաներուն դաստիարակութեամբ, չ’աշխատիր:
– Պարոն Քէշիշեան, կը պատմէ՞ք, թէ ո՞ւր ծնած էք, մինչեւ Հայաստան տեղափոխուիլը, ինչո՞վ զբաղած էք, հայրենիքի մէջ ինչպէ՞ս հաստատուեցաք ու ինչպէ՞ս դասաւորուեցաւ այստեղ կեանքը:
– Շնորհակալ եմ ձեզի ալ: Ծնած եմ Հալէպ: Հայաստան եկանք 2012 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին, երբ Հալէպը սկսան ռմբակոծել: Այնտեղ ես ոսկիի վրայ թանկարժէք քարերու տեղադրումով կը զբաղէի: Այստեղ ընկեր մը ունէի, մեզմէ երկու ամիս առաջ եկած էր, առաջարկեց այստեղ գալ: Երբ սկսան Հալէպը հրթիռակոծել, փոքր երեխաս 11 ամսական էր: Մեր թաղամասերը յարձակումի կ’ենթարկուէին, անոր համար որոշեցի գալ Հայաստան: Կը մտածէինք, որ երկու-երեք տարի ետք ամէն ինչ կը լաւանայ, նորէն ետ կ’երթանք Հալէպ, սակայն միչեւ այսօր այտեղ ենք: Հայաստան տեղափոխուելէ ետք սկսայ իմ գործովս զբաղիլ, քարեր կը տեղադրէի: Մօտ երկու տարի աշխատեցանք, յետոյ գործերը վատացան, սկսանք այլ բաներ մտածել: Ես սկսայ անձնական գործով զբաղիլ, արծաթեայ զարդեր պատրաստել, վաճառել: Տեսայ, որ ասիկա աւելի ճիշդ է, ու Վերնիսաժի մէջ սեղան վերցուցի, հիմա իմ աշխատանքներս կը վաճառեմ: Հիմա, փառք Աստուծոյ, կը զգամ, որ մէկ քայլ առջեւ եմ, աշխատանքի առումով հանգիստ ենք:
– Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս յարմարեցաք միջավայրին թէ ֆինանսապէս, թէ՛ հոգեպէս: Երեխաները ինչպէ՞ս ընտելացան նոր միջավայրին:
– Միայն ֆինանսական հարցերը չէին: Երբ մենք Հայաստան եկանք, ոչ մէկը ունէինք այստեղ, մի քանի ազգական ունէինք, որոնք մի քանի ամիս առաջ Սուրիայէն տեղափոխուած էին: Ես նախապէս երբեք չէի եղած Հայաստան, ոչինչ գիտէի: Սկիզբը մեզի համար շատ դժուար եղաւ, մինչեւ որ յարմարինք այստեղի կեանքին, օրէնքներուն, ձեւին, մեզ ճանչնային, մենք ճանչնայինք եւ այլն: Կարեւորը առողջ մնացինք, շարունակեցինք մեր գործը: Երեխաները այստեղ շատ կը սիրեր, չեն ուզեր ետ Սուրիա երթալ:
– Վերնիսաժի մէջ այս տաղաւարը ե՞րբ վարձակալած էք, ինչքա՞ն վարձ կու տաք:
– Ես այստեղ շատ հին չեմ: Անցած տարուան Մայիսի աւարտին, գրեթէ Յունիսի սկիզբը վարձակալած եմ այս տարածքը: Ես այստեղ նոր եմ, բայց անկէ առաջ շատ ցուցահանդէսներու մասնակցած եմ, յաճախորդներ շատ ունիմ, որոնք զիս կը ճանչնան: Այստեղ՝ Վերնիսաժի մէջ, երբ սեղան վերցուցի, յաճախորդները շատցան, աւելի շատ մարդիկ սկսան ճանչնալ զիս: Վարձը մէկ քառակուսի մեթրը 1000 դրամ է: Այստեղ աշխատանքի պահանջ կայ, զբօսաշրջիկներ կան, որոնք գնում կ’ընեն:
– Հայաստանի մէջ ապրիլն ու աշխատիլը, ձեր կարծիքով, դժուա՞ր է:
– Ամէն երկրի մէջ բարդութիւն կայ, խնդիրներ կան: Բայց մենք այնտեղ ծնած ենք, մեր պապենական ունեցուածքին վրայ աւելցուցած ենք, այսինքն՝ հիմնուած ենք, մեր աշխատանքը ունեցած ենք, մեր բնակարանները վարձու չեն եղած, գործատեղերը վարձու չեն եղած, բոլոր մեր սեփականութիւնը եղած են: Իսկ այստեղ Հայաստանի մէջ գործի պարագան դժուար է: Ամէն ինչ այս երկրին մէջ լաւ է՝ բացի աշխատանքէն: Երբ մենք այստեղ տեղափոխուեցանք, պատրաստ չէինք: Այստեղ զերոյէն սկսած ենք, շատ դժուարութիւններ ունեցած ենք: Սակայն միմիայն մեզի համար դժուար չէ աշխատանքը, Հայաստան ապրողներուն համար ալ շատ դժուար է: Բայց ես յոյսով եմ, որ ամէն ինչ դէպի լաւը կ’երթայ: Ես վեց տարիէ Հայաստան եմ, կը տեսնեմ, որ աշխատանքի բերումով երկիրը յառաջ կ’երթայ:
– Սուրիա վերադառնալու նպատակ կամ ցանկութիւն նորէն ունի՞ք:
– Երեխաներս այստեղ շատ յարմարած են միջավայրին, չեն ուզեր Սուրիա վերադառնալ: Ես չեմ կրնար ըսել հարիւր տոկոս կ’երթա՞մ, թէ ոչ: Այստեղ բնակարանը վարձու է, սեփականութիւն չունինք: Եթէ կարենանք այստեղ բնակարան ձեռք բերել, կը կարծեմ, որ կը մնամ Հայաստան:
– Քիչ մը պատմեցէ՛ք Ձեր պատրաստած զարդերուն մասին:
– Շատ տեսականի ունիմ զարդերու, ունիմ նաեւ հնութիւններ: Պատուէրներ ալ կ’ըլլան: Նկարը ցոյց կու տան ու կը պատուիրեն այդ զարդէն: Ընդհանրապէս բոլոր պատուէրները կը պատրաստենք: Հայկական տառերով, նախշերով, հայկական ճարտարապետական տարբեր շինութիւններով զարդեր կը պատրաստենք:
– Ի՞նչ կ«ըսէք Սուրիա բնակող հայրենակիցներուն:
– Ես իրենց կոչ կ’ընեմ գալու եւ Հայաստան ապրելու, բայց ամէն ընտանիք իր պարագան ունի: Սակայն Սուրիոյ մէջ հայերուն ապագան աւելի դժուար կ’ըլլայ հետզհետէ: Հայկական գաղութը շատ փոքրացած է այդտեղ: Հոս շատ լաւ երկիր է, ամէն ինչով, եթէ կարենաս աշխատանքի հարցը լուծել: