ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Պատմութիւնը ժողովուրդներու ապրած կեանքին գրառումն է: Կը պատահի նաեւ, որ մանաւանդ հին դարերուն գրառումներ չըլլային՝ միջոցներու բացակայութեան պատճառաւ: Անոնք սկսան երեւնալ ժայռերու վրայ՝ ի հարկէ պետական միջոցներով եւ հսկողութեամբ, ապա «տախտակներու» վրայ, ու դարերու ընթացքին յառաջացաւ պապիւրոսը, ապա թուղթը, ու զարկ տրուեցաւ պատմագրութեան՝ անշուշտ ամէն գրող իր տեսանկիւնէն եւ մանաւանդ պատուիրատուէն այլ կերպ դիտելով դէպքերն ու դէմքերը, ինչպէս նաեւ եղելութիւնները՝ արշաւանք, յաղթանակ, պարտութիւն եւ այլն:
Դարեր շարունակեցին դարերու եւ հազարամեակներ դարձան իրարանման խորքայինի տեսանկիւնէն, ու տակաւին երբ այսօր դէպք մը կը պատահի նման անցեալի մէկ պատկերին, «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» յանկերգը կը լսուի, ինչպէս նաեւ «պատմութենէն դաս չենք առներ» խօսքը: Երկուքն ալ իրականութիւն են: Բայց ինչպէ՞ս պատմութիւնը ինքզինք պիտի չկրկնէ, երբ պատմութեան առարկան եւ զայն ներկայացնողը ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾՆ Է՝ ա՛յն մարդը, որ իբրեւ ՄԱՐԴ կազմաւորուելէն ետք կ’ընթանայ նոյն եղանակով եւ ոչինչ փոխուած է ապրուած ու տակաւին շարունակելի ինքնութենէն: Պատերազմ եւ … խաղաղութիւն: Ճիգեր իրար կը յաջորդեն, կը խաչաձեւեն, սակայն արդիւնքը կը մնայ ի սկզբանէ այն ինչ որ էր:«Հոգին կը տենչայ մարմինին հակառակ ու մարմինը՝ հոգիին» (Պօղոս Առաքեալ): Ձայնը կու գայ երկու հազար տարուան խորերէն, իսկ աւելի հին՝ Լաօ Ցէ. «Պատերազմի շրջանին մարդու բարձրադիր եսը տեղի կու տայ ու բնազդը կ’ըլլայ տիրական». այսինքն՝ բանականութիւնը տեղի կու տայ բնազդին, ու պատերազմը անխուսափելի է: Որեւէ բնական եւ առողջ կենդանի կ’ուզէ ինքզինք բազմապատկել, ընդարձակուիլ իբրեւ ապահովութեան երաշխիք: Տարբեր չէ նաեւ մարդ արարածը, մինչ «պատմութենէն դաս չենք առներ», ինչ որ ատենին Հեկել ըսած է, ու պիտի չ’առնենք, այնքան ատեն որ մարդակազմութենէն ոչինչ փոխուած է ու բնութեան օրէնքին հլու հնազանդ կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք, ե՛ւ պիտի ծնինք, ե՛ւ պիտի պատերազմինք, ե՛ւ պիտի սգանք եւ պիտի խնդանք: Մէկ խօսքով՝ ընթացքը պիտի շարունակուի իր մութ ու լոյսով, պայքարով ու յոյսով եւ վերջ ի վերջոյ ըսելու համար «Ընթացքս կատարեցի»:
Դպրոցական օրերուս խաղ մը ունէինք եւ տակաւին գոյութիւն ունի՝ «ԴՐՕՇԱՐՇԱՒ»-ը: Կեանքն ալ արշաւ մըն է: Ծնողքի պարտքը՝ դրուած ծնանողներու կողմէ: Մոլորակներն ալ, արեւներն ալ ունին իրենց կրկնուող ընթացքը, որով կու գայ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ, ՅՈՒՇ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԻՆԸ:
Եկաւ Նոր տարին: ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ:
ՏԱՐԻՆ՝ ՆՈՐ, ՄԱՐԴԸ՝ ՀԻՆ:






