Երեքշաբթի, 17. 03. 2026

spot_img

Արարատ Միրզոյեան Միաձայն Ընտրուեցաւ 7-րդ Գումարման Ազգային Ժողովի Նախագահ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Արարատ Միրզոյեան: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Յունուար 14-ին ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստի ընթացքին յայտնեց ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Յովակիմեան:

«Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ԱԺ 132 պատգամաւորներու 131 կողմ ձայնով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Արարատ Միրզոյան»,- ըսած է Յովակիմեան:

1 քուէաթերթիկ եղած է անվաւեր:

Արարատ Միրզոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան այսպիսի բարձր քուէի համար: «Այսպիսի քուէն իսկապէս պարտաւորեցնող է: ԱԺ նախագահի պաշտօնին իւրաքանչիւր րոպէ պիտի աշխատիմ յիշել այս պարտաւորութիւնը»,- ըսած է Միրզոյեան:

Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները նախագահի թեկնածու չէին առաջադրած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին