– Մաս Ա –
ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ
Խիստ, անկողմնակալ ու արդար հսկողութեան ու պատասխանատուութեան չենթարկուող վարչակարգը վաղ թէ ուշ կը փլուզի…:
Սոյն յօդուածին նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, օրէնքներու եւ առնուած համապատասխան որոշումներու քննարկումը չէ, այլ լուսաբանումը պետութեան խարիսխները խոցելի դարձնող որոշումներուն անդրադարձին:
Մեզի յայտնի հնագոյն պետութիւնը ձեւաւորուած է մեզմէ մօտաւորապէս տասը հազար տարի առաջ՝ Միջագետքի առաջին հողագործական համայնքներուն քով եւ դարերու ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ դրսեւորուած է զարգացման տարբեր կարգաձեւերով ու մակարդակներով, ուստի պետութեան ճշգրիտ սահմանում տալը բաւական դժուար է ու բազմաբովանդակ…: Սակայն դժուար չէ ընդունիլ, որ պետութիւնը քաղաքակրթութեան հնագոյն կաճառներէն մէկն է: Առ այսօր «պետութեան» իրաւաբանական միասնական սահմանում գոյութիւն չունի. փորձենք խոնարհաբար անոր սահմանում մը տալ. «Պետութիւնը որեւէ երկրի կամ որոշեալ-սահմանեալ տարածքի մը վրայ ձեւաւորուած՝ հասարակական, ազգային, կրօնական, ռազմական, տնտեսական ու գիտա-մշակութային ողջ կառոյցին կառավարման ձեւն է, քաղաքական ողջ մարմնի յարաբերական ուժականութեան եւ կազմակերպուած ու յարափոփոխ քաղաքական իշխանութեան կողմէ՝ ի նպաստ տուեալ հասարակութեան կամ ազգութեան անվտանգութեան, բարօրութեան ու եղաշրջման»: Դարեր շարունակ պետականազուրկ հայերս 1988 թուականէն ջանք չխնայեցինք ստեղծելու համար մեր ազգային՝ «ինքնիշխան պետութիւնը»:
Խորհրդային հասարակարգի եօթանասունամեայ գոյընթացին, միակուսակցական վարչակարգի բացարձակութիւնը պահպանելու համար ոչ միայն միութեան միւս հանրապետութեանց, այլեւ Հայաստանի նախախորհրդային շրջանի քաղաքական բազմակուսակցական շերտը, մեղադրուելով որպէս միութեան դաւաճան տարր, նոյնպէս եթարկուեցաւ անճիտման (սոյն վիճակը շատ յուսադրիչ չէր նաեւ ցարական շրջանին): Այսպիսով, հայ մարդը ոչ միայն զրկուեցաւ քաղաքական բազմա-աշխարհահայեացութեան իրաւունքէն, այլեւ ստիպուեցաւ ենթարկուելու իրեն թելադրուած ու ապազգային խորթ գաղափարախօսութեան. ուստի, երբեք պատահական չէր, որ համայնավարական քօղի տակ թաքնուած աշխարհակալական ու բռնատիրական պետութեան ու վարչակարգին առաջին իսկ ճաքերը նշմարած հայ մարդը նախակարապետը դառնար իր անթեղուած ցասումը արտայայտելու այդ խորթ հասարակարգին դէմ:
Սակայն ի՞նչ տեղի ունեցաւ։
ԽՄԿԿ գլխաւոր քարտուղար (1985 – 1991) եւ ԽՍՀՄ առաջին եւ վերջին նախագահ (1990 Մարտ 15 – 1991 Դեկտեմբեր 25) Միխայիլ Կորպաչովի` 1986 թուականին յառաջադրած եւ գլխաւորած տնտեսա-քաղաքական բարեփոխումներու «վերակառուցման» քաղաքականութեան ընձեռնած հրապարակայնութեան ու ժողովրդավարացման հնարաւորութիւններէն օգտուելով` հայորդիք քաղաքամայր Երեւանի, ապա եւ այլ քաղաքներու ու Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ մարդահաւաքներով, ապա նաեւ բազմահազարնոց ցոյցերով ոչ միայն հանդէս եկան «անկախութեան», այլեւ Արցախի եօթանասունամեայ նիրհած հիմնախնդրի վերանայման եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորման պահանջատիրութիւններով:
Բազմահազարնոց ցոյց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մուտքին եւ Մաշտոցի պողոտային վրայ (նախկին Լենինի պողոտայ), 1988 թուական
Բազմահազարնոց ցոյց Ստեփանակերտի մէջ (Արցախ), 1988 թուական, Փետրուար 13
Զուգընթացաբար, երկրէն ներս «բնապահպանական» խորագրի տակ խիզախ եւ շատ վտանգաւոր ձայներ հնչեցին՝ ուժանիւթային, տնտեսական եւ գիտա-հետազօտական կարեւորագոյն հիմնարկներու ու հաստատութեանց փակման պահանջատիրութեամբ: Մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակի վրայ տեղի ունեցող մարդահաւաքներու եւ հետզհետէ ուռճացող ցոյցերու ժամանակ բեմահարթակներէն նախ սկսան լսուիլ Մեծամօրի աթոմակայանի, Երեւանի Նայիրիտ գործարանի, Վանաձորի (Կիրովական) քիմիական գործարանի եւ այլ կարեւորագոյն հիմնարկներու փակման մասին առաջարկ-պահանջարկներ, որոնք կարծէք թէ նախօրօք ծրագրաւորուած եւ միտուած էին մահուան դատապարտելու երկրի հիմնական կենսական հիմնարկ-հաստատութիւնները, ուժանիւթային կարեւորագոյն լծակները, ինչպէս նաեւ առանց այն ալ լուրջ նահանջ արձանագրած տնտեսութիւնը եւ մասնաւորապէս ծանր արդիւնաբերութիւնը: Այսպիսով, ժողովուրդի «անկախութեան» ու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) մայր հայրենիքին հետ վերամիաւորման ազնիւ ու արդար պահանջատիրական գործընթացին զուգընթաց, ամէն այգաբացին գործարան մը, հիմնարկ մը, մշակութային, բժշկական ու գիտա-հետազօտական կեդրոն մը կը թալանուէր, իսկ վերոյիշեալ կենսական նշանակութիւն ունեցող հիմնարկները կը փակուէին: Ապա նաեւ մութ ու ցուրտ տարիներու խաւարման ու պէս-պէս զրկանքներու եւ արցախեան պարտադրուած անբաղձալի պատերազմին մէջ կը նետուէր ողջ հայ ազգն ու անոր ամէնէն կենսունակ տարրն ու երկրի ապագան կերտող ԽԻԶԱԽ ու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ երիտասարդութիւնը:
Հայ ազգի եւ մասնաւորապէս երիտասարդութեան ամէնօրեայ զոհաբերումներու թոհուբոհին մէջ Մոսկուան ջանք չխնայեց, որ իր քաղաքական ոլորտին մէջ ինկած հայախօս KGB-ի գործակատարները յայտնուէին սունկի պէս բուսած քաղաքական բազմակուսակցական դաշտի ազդու կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց ղեկին (արեւմուտքը բնականաբար անտարբեր պիտի չմնար տարածաշրջանին մէջ իր տնտեսա-քաղաքական ոլորտը ընդարձակելու ուղղութեամբ). ինչու չէ նաեւ տիրէին նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կարեւորագոյն լծակներուն ու նախագահական ղեկավար պաշտօնին, որպէսզի «ինքնիշխան» պետութեան ներքին ու արտաքին առնուելիք որոշումները դառնային թելադրական, համաձայնեցուած ու ապաինքնիշխան, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` որպէս «ինքնիշխան» պետութիւն, 1992 թուականի Մարտ 2-էն իսկ արդէն լիիրաւ անդամ էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) եւ այլ միջազգային կազմակերպութեանց:
Չնայած 1995 թուականի Յուլիս 5-ին ընդունուած եւ 2005 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան փոփոխութեան ենթարկուած սահմանադրութեան առաջին գլխուն՝ «Սահմանադրական կարգի հիմունքները» կրող ենթավերնագրի երկրորդ յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմէ յանցագործութիւն է» օրինակէտը, այնուամենայնիւ, ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ընկերային, իրաւական եւ, ամէնէն կարեւորը, բազմակուսակցական սկզբունքներով «առաջնորդուող» հասարակաձեւ (2018 թուականի Յունուար 1-ի դրութեամբ, ՀՀ-եան մէջ գրանցուած է 81 կուսակցութիւն եւ 4.782 հասարակական կազմակերպութիւն, սակայն անբացատրելիօրէն աւանդաբար խորհրդարան կը յայտնուին միայն հինգ կուսակցութիւն) որդեգրած ու թեւակոխած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավար մարմինները, իրենց աւելի քան քառորդդարեայ գործունէութեան ընթացքին չկրցան յարգել վերոյիշեալ սահմանադրական օրինակէտը {ափսո՜ս որ պատեհապաշտութեան, ենթակայութեան, համաձայնեցուածութեան ու ապաինքնիշխանութեան համատարած քօղի ներքոյ ի վերջոյ ձեւաւորուեցան եւ պառակտիչ ու աւերիչ արմատներ դրին սակաւապետութիւնն (oligarchy) ու աւազակապետութիւնը (Kleptocracy), ուր նաեւ տեղ գտաւ քաղաքական անթաքուն հաշուեյարդարը՝ ահաբեկչութիւնը, որուն զոհ գացին բազում հայորդիք, ինչպէս՝ Արթիւր Մկրտչեանը, Վարդգէս Պետրոսեանը, Համբարձում Գալստեանը, Տիգրան Նաղտալեանը, Կարէն Տէմիրճեանը, Վազգէն Սարգսեանը, Եուրի Բախշեանը, Ռուբէն Միրոյեանը, Լէոնարտ Պետրոսեանը, Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը, Միքայէլ Քոթանեանը եւ այլ քաղաքական գործիչներ ու բազում քաղաքացիներ: Ինչպէս նաեւ բանտաճաղերուն ետեւը յայտնուեցան հարիւրաւոր քաղբանտարկեալներ…}, նաեւ չկրցան ստեղծել ազգային անվտանգութիւնը ապահովող համաքաղաքական լուրջ բանաձեւ ու ապրելաոճ եւ երկիրը մատնեցին ներքին ու արտաքին քաղաքական խոցելիութեան…, որ վերաճեցաւ ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ…:
Երբ խոցելի դառնաս, մի՛ մեղադրեր օտարը…:
Շարունակելի…: