Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

spot_img

Իրանահայ Գործարար Լեւոն Ահարոնեան Իրանի Բարձրագոյն Պարգեւի Արժանացած Է

Իրանահայ յայտնի գործարար Լեւոն Ահարոնեան «Ամին օլ Զարպ» բարձրագոյն շքանշանի  արժանացած է:

Յունուար 8-ին Թեհրանի «Վահդաթ» դահլիճին մէջ Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ջահանգիրիի ներկայութեամբ կայացած է «Ամին օլ Զարպ» բարձրագոյն շքանշանի 3-րդ շրջանի հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ «Ամին օլ Զարպ» գործարար բարձարագոյն շքանշանի  արժանացած են իրանցի 8 յայտնի գործարար, որոնց  մէջ  եղած է նաեւ իրանահայ ճանչցուած գործարար, Իրանի փոխադրութեան եւ տարանցիկ բեռնափոխադրման առաջատարներէն մէկուն` «Սաթի» ընկերութեան հիմնադիր եւ սեփականատէր Լեւոն Ահարոնեան:

Արարողութեան ժամանակ ելոյթով հանդէս  եկած է Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ջահանգիրին: Ընդգծելով ներկայ պայամաններուն մէջ երկրի տնտեսութեան կենսունակութեան ապահովման համար արտահանման կարեւորութիւնը` Ջահանգիրին յատուկ անդրադարձած է այդ ասպարէզին մէջ իրանահայ գործարարներու դերակատարութեան ու մատուցած ծառայութիւններուն:

Նշենք, որ Լեւոն Ահարոնեան աշխոյժ դերակատարութիւն  ունեցած է իրանահայութեան ազգային-հասարակական կեանքէն ներս: Վաստակաւոր գործարարը կը համարուի Իրան-Հայաստան առեւտրի պալատի հիմնադիրն ու երկու երկիրներու միջեւ չուերթներու հաստատման նախաձեռնողը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին