«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակը եւ այլ օժանդակ գործակալութիւններ օգնութիւն ցուցաբերեցին հազարաւոր գաղթականներու, որոնք մեծապէս տուժած էին անցեալ շաբաթ ամբողջ երկրի տարածքին խառնիճաղանճ մթնոլորտ ստեղծած, մայրուղիներուն վրայ անտանելի խճողումի եւ դասադուլի պատճառ դարձած «Նորմա» փոթորիկէն: Այս մասին կը հաղորդէ գործակալութիւնը: Ի թիւս վերոյիշեալներուն՝ «Նորմա»-յին թիրախ եղան նաեւ գաղթակայանները:






