«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամալ շարժումի երեսփոխան Ալի Պազի երէկ հանդէս եկաւ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովը երկու ամիսով յետաձգելու առաջարկով՝ նախատեսուած Յունուար 19-20-ին՝ վերահաստատելով շարժումի՝ մօտալուտ գագաթնաժողովին Լիպիոյ Հանրապետութեան մասնակցութեան կապակցութեամբ ընդդիմադիր դիրքորոշումը:
«Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ ընկերատնտեսական գագաթնաժողովին մասնակցութեան կապակցութեամբ Ամալ շարժումի դիրքորոշումը յստակ է»,- «Լիբանան» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ Պազի՝ ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումին:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորած Ամալ շարժումը կը շարունակէ ընդդիմադիր դիրքորոշում դրսեւորել Լիբանանի՝ Լիպիոյ Հանրապետութեան հետ որեւէ յարաբերութիւն ունենալուն՝ 1978-ին շարժումի հիմնադիր իմամ Մուսա Ալ Սատըրի եւ վերջինիս երկու ուղեկիցներուն՝ Լիպիա Հանրապետութիւն այցելութեան ժամանակ անհետացումին պատճառով:






