Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Վանաձորը Փակեց 2018 Թուականը

«Գաւառ»ը Լուսարաձակի Տակ – 10 –

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ընկերային տեսանկիւնէն եթէ դիտենք, կարելի է եզրակացնել որ աւելի շատ նահանջի մէջ է քաղաքը, քան յառաջընթացի: Պաշտօնական աղբիւրներու տեղեկութեան համաձայն՝ 2018 թուականին Քաղաքացիական կացութեան գրասենեակի տուեալներով՝ արձանագրուած է 1103 ծնունդ՝ նախորդ տարուան 1288-ին դիմաց, այսինքն՝ 185-ով պակաս: Ազգը աճ տալու փոխարէն պակասորդ կու տայ: Երեւոյթը մտահոգիչ է, բայց պատճառները պարզ են. մարդիկ աշխատանք չունին կամ ալ ընտանիք պահելու համար բաւականաչափ եկամուտ չեն վաստակիր: Պետութիւնը երրորդ երեխայի ծնունդին համար կը յատկացնէ 1 միլիոն դրամ, բայց այդ գումարն ալ չի խթաներ, որ ծնունդները աւելնան: Մարդիկ կ’ըսեն. «Այդ 1 միլիոնը ստացանք, լաւ է, շնորհակալ ենք, մէկ տարուան մէջ ծախսեցինք, յետոյ ինչպէ՞ս պահենք»:

Երկրորդ պատճառն ալ կարելի է համարել, որ արտասահմանի մէջ որոշ չափով ապահովուած հայ երիտասարդներ հայաստանցի աղջիկները հարս կը տանին իրենց բնակած երկիրները, եւ հայ մանուկները այնտեղ աշխարհ կու գան: Այդպիսի օրինակներ շատ կան, մինչեւ անգամ Թաթարիստանի, Պաշքիրիոյ նման խուլ վայրեր հարս գացողներ կան: Եւ բնականաբար այնտեղ ծնած երեխաները պիտի երթան ռուսական մանկապարտէզ ու դպրոց:

Երրորդ պատճառ մըն ալ հայ երիտասարդի չամուսնանալն է, քանի որ չի համարձակիր իր խղճուկ վաստակով այդպիսի քայլ առնել:

Քաղաքացիական կացութեան գրասենեակի վարիչ Յասմիկ Այվազեանի կարծիքով՝ Վանաձորի ծնունդներու նուազումին պատճառը այն է, որ շատեր նախընտրած են Երեւանի ծննդատուները երթալ, քանի որ այնտեղ պայմանները աւելի յարմար են, եւ հետեւաբար երեխայի ծննդեան վկայականը Երեւանի մէջ կը ձեւակերպուի: Ան յոյս յայտնեց, որ այս տարի պատկերը տարբեր կ’ըլլայ, քանի որ Վանաձորը ունի  բժշկական նոր կեդրոն՝ յագեցած ժամանակակից բոլոր յարմարութիւններով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին