Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Սերգէյ Փարաջանովի Շարժանկարները Երեք Ամիս Պիտի Ցուցադրուին Պոլսոյ «Փերա» Թանգարանին ՄԷջ

Պոլսոյ «Փերա» թանգարանին մէջ բացուած «Փարաջանով, Սարգիս» ցուցահանդէսին ծիրէն ներս կը  ներկայացուի «Ապստամբ պատկերներ․ Սերգէյ Փարաջանով» ծրագիրը:

Փարաջանովի ֆիլմերը ներկայացնող ծրագիրը հանդիսատեսին հասանելի կ՛ըլլան երեք ամիս շարունակ: Ծրագիրը մեկնարկած է յունուար 9-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ մարտ 17:

Ծրագիրին ծիրէն ներս կը ցուցադրուին հանճարեղ բեմադրիչի այնպիսի գործեր, ինչպիսիք են «Անդրիեշ», «Առաջին տղայ», «Ուքրանական ռապսոդիա», «Ծաղիկ քարի վրայ», «Մոռցուած նախնիներու ստուերները», «Յակոբ Յովնաթանեան», «Սուրամի ամրոցի լեգենդը»․ «Արաբեսկներ Փիրոսմանի թեմայով», «Աշուղ ղարիբ» աշխատանքները: Ծրագիրին մէջ տեղ  գտած են նաեւ Արտաւազդ Փելեշեանի «Տարուայ եղանակներ»-ը, Ռոն Հոլլովէյի «Փարաջանով․ ռեքուիեմ» փաստագրական ֆիլմն ու Պատրիկ Կազալի «Սերգէյ Փարաջանով․ Ապստամբը»ֆիլմը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին