Նոր տարուան եւ Սուրբծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններու ծիրին մէջ Ուրբաթ, 11 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը փոխատենապետ Համբար Եսայեանի գլխաւորութեամբ այցելեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. տէր Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին:
Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց լիբանանահայ համայնքը յուզող հարցերու շուրջ եւ շեշտուեցաւ երիտասարդութիւնը ազգային, հոգեւոր արժէքներով դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը:






