Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պաշտօնական Այցով Կը Մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 14-ին պաշտօնական այցով կը մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ միաժամանակ կը մասնակցի «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» (Abu Dhabi Sustainability Week) համաժողովին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Հայաստանի նախագահը հանդիպումներ կ’ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: Քննարկումներու առանցքին կ’ըլլան փոխշահաւէտ գործակցութեան զարգացման օրակարգին առնչուող ընթացիկ եւ հեռանկարային հարցեր:

Հայաստանի նախագահը Ապու Տապիի մէջ կը մասնակցի միջազգային խոշորագոյն՝ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» համաժողովին, որուն նիստերէն մէկուն հանդէս կու գայ որպէս գլխաւոր բանախօս:

Համաժողովի բացումին ներկայ կ’ըլլան 4000-էն աւելի մասնակից աշխարհի տարբեր երկիրներէ, այդ կարգին՝ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, խոշոր ձեռնարկատէրեր:

«Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ»-ը համաշխարհային հեղինակաւոր հարթակ է, որուն ծիրէն ներս յայտնի պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, անուանի փորձագէտներ, նորարարներ, խոշոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կը ներկայացնեն կայուն ապագայի կառուցման վերաբերեալ իրենց տեսլականը, կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական, արհեստագիտական այն հիմնական միտումները, որոնք կը ձեւաւորեն աշխարհի կայուն զարգացումը: Այս տարի «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ»-ի հիմնական թեմաներէն մէկը կ’ըլլայ թուայնացման եւ նորարարական արհեստագիտութիւններու միաւորումը, հետեւաբար ստեղծուող նոր հնարաւորութիւններն ու լուծումները, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան տնտեսական աճը, կայուն զարգացումն ու բարգաւաճումը խթանելու գործին մէջ:

Տարբեր ժամանակներու, «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ»-ի ծիրէն ներս ելոյթներ ունեցած են Ուելսի արքայազն Չարլզը, Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը, Հոլանտայի թագաւոր Ուիլլեմ-Ալեքսանտրը, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը, ՄԱԿ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Պան Քի-Մունը եւ ուրիշներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին