Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Եգիպտոսը Երեք Ամիսով Երկարաձգած Է Արտակարգ Դրութեան Ռեժիմը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եգիպտոսի խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ Յունուար 13-ին երեք ամիսով երկարաձգած է երկրին մէջ գործող արտակարգ դրութեան ռեժիմը, կը գրէ «Ալ Ահրամ» լրատուական գործակալութիւնը։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, ռեժիմի երկարաձգումը ուժի մէջ կը մտնէ Եգիպտոսի ժամանակով Յունուար 15-ի ժամը 1-էն։

Եգիպտոսի մէջ 2017-ի Ապրիլին երկրի նախագահը արտակարգ դրութեան ռեժիմ յայտարարած է Թանթայում եւ Աղեքսանտրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք։ Այդ ժամանակ աւելի քան 50 հոգի զոհ գացած է, աւելի քան 100-ը՝ տուժած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին