Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Անհրաժեշտ Է Երկու Ամիսով Յետաձգել Արաբական Գագաթնաժողովը. Ամալ Շարժումի Երեսփոխան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամալ շարժումի երեսփոխան Ալի Պազի երէկ հանդէս եկաւ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովը երկու ամիսով յետաձգելու առաջարկով՝ նախատեսուած Յունուար 19-20-ին՝ վերահաստատելով շարժումի՝ մօտալուտ գագաթնաժողովին Լիպիոյ Հանրապետութեան մասնակցութեան կապակցութեամբ ընդդիմադիր դիրքորոշումը:

«Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ ընկերատնտեսական գագաթնաժողովին մասնակցութեան կապակցութեամբ Ամալ շարժումի դիրքորոշումը յստակ է»,- «Լիբանան» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ Պազի՝ ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումին:

Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորած Ամալ շարժումը կը շարունակէ ընդդիմադիր դիրքորոշում դրսեւորել Լիբանանի՝ Լիպիոյ Հանրապետութեան հետ որեւէ յարաբերութիւն ունենալուն՝ 1978-ին շարժումի հիմնադիր իմամ Մուսա Ալ Սատըրի եւ վերջինիս երկու ուղեկիցներուն՝ Լիպիա Հանրապետութիւն այցելութեան ժամանակ անհետացումին պատճառով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին