«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի շաբաթ նշանակեց Պքերքէի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ գլխաւոր կուսակցութիւններու՝ Լիբանանեան ուժերու, Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մարատա շարժումի ղեկավարներուն եւ անոնց անդամ երեսփոխաններուն յառաջիկայ հանդիպումին թուականը:
Այս հանդիպումին նպատակն է քննարկել Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը եւ այդ բնագաւառներուն վերաբերող հրատապ հարցեր:






