Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Վրաստանի Մէջ Խոզակրիբէն Մահացած Մարդոց Թիւը Հասած Է 15-ի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վրաստանի մէջ «խոզակրիբ»-էն (H1N1 վիրուս) վերջին մէկ ամսուան ընթացքին մահացած է 15 հոգի: Այդ մասին Յունուար 11-ին լրագրողներուն յայտնած է Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան կեդրոնի ղեկավար Ամիրան Կամքրելիձէն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Հետազօտութիւններու վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Վրաստանի մէջ H1N1 վիրուսով վարակուելու հետեւանքով մահացած է 15 հոգի»,- յայտարարած է Կամքրելիձէն: Իր խօսքով՝ մահացածներու թիւին մէջ 22-էն մինչեւ 45 տարեկան քաղաքացիներ են: Անոնցմէ երկուքը մահացած է նախօրեակին՝ 24 տարեկան երիտասարդ մը մահացած է Քութայիսի մէջ, 63-ամեայ տղամարդ մը՝ Պաթումի, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին