Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Հարաւային Օսիան Կը Փակէ Վրաստանի Հետ Սահմանը Կրիբի H1N1 Վիրուսի Պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հարաւային Օսիայի եւ Վրաստանի սահմանը Յունուար 11-ի երեկոյեան փակուած է, մինչեւ որ յատուկ կարգադրութիւն կատարուի այս առումով, ինչը կապուած է կրիբի H1N1 վիրուսը Հանրապետութիւն թափանցելու սպառնալիքին հետ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է Հարաւային Օսիայի պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ՊԱԿ) մամուլի ծառայութիւնը:

Ըստ գերատեսչութեան տուեալներուն՝ Յունուար 10-ին Հարաւային Օսիայի անվտանգութեան խորհուրդը «արտակարգ նիստ գումարած է Վրաստանի մէջ H1N1 տեսակի կրիբի (խոզակրիբ) վիրուսի տարածման կապակցութեամբ, որուն զոհ դարձած է արդէն 13 հոգի»:

«Հանրապետութեան տարածքին վիրուսի հաւանական տարածումը կասեցնելու նպատակով որոշում ընդունուած է Յունուար 11-ին երեկոյեան ժամերէն մինչեւ յատուկ կարգադրութիւն ժամանակաւորապէս դադրեցնել Հարաւային Օսիայի մէջ Վրաստանի հետ պետական սահմանը հատելու վայրերու աշխատանքը»,- ընդգծած են գերատեսչութենէն: Յունուար 10-ին Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկողութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Ամիրան Կամքրելիձէն հաստատած է, որ վիրուսի զոհ դարձած է 13 հոգի, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին