Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ հռչակելու առիթով՝ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող խորհրդակցական հանդիպումներուն մասնակցելու համար հիւրաբար Պէյրութ գտնուող՝ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան եւ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան երէկ յետմիջօրէին այցելեցին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն:
Այցելութիւնը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Հայ մամուլին աւելի եւս զարգացման դիմաց ծառացող կարգ մը խնդիրներ ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքներու եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայ համայնքի յետ առնչուող հարցեր:
Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ զրուցելու իւրաքանչիւր կողմի փորձառութեան մասին ինչպէս նաեւ փորձի եւ նորարարական գաղափարներու փոխանակումի:
«Խմբ.»