Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Իտալիա Կը Դիտարկէ Սուրիոյ Մէջ Դեսպանութիւնը Վերաբանալու Հնարաւորութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական Հռոմը կը դիտարկէ հնարաւորութիւնը՝ տարբեր երկիրներու մէջ վերականգնելու գործունէութիւնը այն դիւանագիտական ծառայութիւններուն, որ աւելի կանուխ փակուած են: Մասնաւորապէս, խօսքը Սուրիոյ մասին է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, այս մասին յայտարարած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էնցօ Մոյավերօ Միլանեզին:

«Իտալիա կը մտածէ վերաբանալ դեսպանատուները հոն, ուր անոնք ֆիզիքապէս փակուած են՝ այս մէկը կատարելով ամենալայն մաշտաբով: Ինչ կը վերաբերի ուղղակի սուրիական դէպքին, ապա ատիկա ամբողջութեամբ կախուած է այդ երկրին մէջ իրավիճակի զարգացումէն»,- յայտարարած է նախարարը: Ան ընդգծած է, որ Իտալիոյ համար առաջնահերթութիւն է դեսպանատուներ ունենալ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին՝ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այդ երկրին մէջ իրադրութիւնը հեռու է կայուն ըլլալէ, իսկ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան լիարժէք աշխատանքի վերականգնումին համար անհրաժեշտ է աւելի լուրջ կարգաւորում:

2012 թուականին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետեւանքով այդ երկրին մէջ Իտալիոյ դեսպանը կանչուած էր ետ, իսկ աւելի ուշ ետ կանչուած էին իտալացի միւս դիւանագէտներն ալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին