Երեքշաբթի, 17. 03. 2026

spot_img

Եղանակային Կրիբի Դէմ Պատուաստուած Է 6 Ամսականէն 5 Տարեկան Երեխաներու Աւելի Քան 2 Տոկոսը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան մէջ 2019 թուականի Յունուար 10-ի դրութեամբ եղանակային կրիբի դէմ պատուաստուած է 6 ամսականէն 5 տարեկան երեխաներու 2.3%-ը, յղիներու՝ 1.6%-ը, 65 տարեկանէն բարձր տարիքի անձանց՝ 1.1%-ը,  ժամանակագրական հիւանդներու՝ 6.9%-ը, փակ կազմակերպութիւններու մէջ գտնուող անձանց եւ սպասարկող անձնակազմի՝ 60.6%-ը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը ՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան վարակամերժումի ազգային ծրագիրի ղեկավար Գայիանէ Սահակեանի հաւաստմամբ՝ բոլոր բուժական հիմնարկութիւնները ապահովուած են եղանակային կրիբի դէմ պատուաստանիւթով: «Սուր շնչառական, յատկապէս եղանակային կրիբի վիրուսներուն համար թիրախ են յղիները, 6 ամսականէն 5 տարեկան երեխաները, առողջական խնդիրներ ունեցող, 65 տարեկանէն բարձր, փակ կազմակերպութիւններու (ծերանոցներ, մանկատուներ, բանակ, բուժաշխատողներ եւ այլն ) անձինք: Կը յորդորեմ այս խումբի ներկայացուցիչներուն դիմել բուժական կազմակերպութիւններ՝ պատուաստումներու համար: Անցանկալի բարդութիւններ կրնան յառաջանալ նոյն այս խումբերուն մէջ»,- Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ան:

Հանրապետութեան մէջ կը շրջանառէ կրիբի Ա տեսակի H1N1 ենթատեսակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին