Երեքշաբթի, 17. 03. 2026

spot_img

Քոչարեանի Պաշտպանական Խումբը Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է Քրէական Հետապնդումը Դադրեցնելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու համար:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը հաղորդէ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը:

«Ի տարբերութիւն Յատուկ քննչական ծառայութեան գործելաոճին, որ է՝ ներկայացնել միակողմանի եւ խիստ սահմանափակ տեղեկութիւն, որ հնարաւորութիւն չի տար անկողմնակալ դիտորդի մօտ ընդհանուր պատկեր ձեւաւորել Ռոպերթ Քոչարեանին առնչուող գործին վերաբերեալ, պաշտպանական խումբը այսուհետեւ հանրութեան պարբերաբար կ’իրազեկէ ինչպէս արդէն ներկայացուած, այնպէս ալ ներկայացուելիք միջնորդութիւններու եւ բողոքներու բովանդակութեան, անոնց ընթացքին եւ պատասխաններուն մասին այնքանով, որքանով անոնք չեն պարունակեր նախաքննական գաղտնիք»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յունուար 9-ին Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն կողմէ ՅՔԾ քննիչին ներկայացուած է միջնորդութիւն՝ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու համար՝ հաշուի առնելով, որ չի կրնար կիրարկուիլ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին