«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահականէն ետք քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» HDP կուսակցութենէն խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է նաեւ Տիարպեքիր քաղաքի դատախազութիւնը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական demokrathaber.org-ը:
Դատախազութիւնը միջնորդութիւնը ներկայացուցած է Փայլանի դէմ Թուրքիոյ օրէնսգիրքի 301 յօդուածով (յօդուածը թուրք ժողովուրդի եւ Թուրքիա պետութեան, պետական մարմիններու հասցէին վիրաւորանք հնչեցնելու համար պատիժ կը նախատեսէ) սկսած հետաքննութեան ծիրէն ներս:
Փայլանի նկատմամբ հետաքննութիւնը սկսած է իր կատարած յայտարարութենէն ետք, ուր պատգամաւորը ըսած էր. «Տիարպեքիրի ամէն մէկ անկիւնը կարելի է զրահասարք ու ջրցան մեքենաներ տեսնել, ինչը կը յիշեցնէ Հիթլերի ու Մուսոլինիի ժամանակաշրջանը»:
Իշխանութիւնը պատգամաւորի յայտարարութիւնը դիտարկած է որպէս վիրաւորանք պետութեան հասցէին:






