Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Խորհրդարանի Նախագահի Գրասենեակը Կը Մերժէ Հաւանութիւն Տալ Լիպիոյ՝ Արաբական Գագաթնաժողովի Մասնակցութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գրասենեակը մերժեց հաւանութիւն տալ Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ Յունուար 19-20 նախատեսուած ընկերատնտեսական զարգացման գագաթնաժողովի մասնակցութեան:

Նշենք, որ Պըրրի միակ պաշտօնատարը չէ որ վերապահում դրսեւորած է այս առումով: Շիի բարձրագոյն խորհուրդը երէկ արտակարգ նիստ գումարեց՝ Լիպիոյ մասնակցութիւնը քննարկելու համար:

Ուրբաթ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովի տեղեկատուական գրասենեակը նշեց, որ թէ՛ բարձրագոյն կոմիտէի ղեկավարը, որուն յանձնարարուած է գագաթնաժողովի կազմակերպական աշխատանքը, եւ թէ՛ գործադիր կոմիտէի ղեկավարը խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին ներկայացուցած էին գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն ու հրաւիրուած երկիրներու ցանկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին