«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի ռազմական ինքնաթիռներ երէկ ներխուժեցին Պէյրութի եւ այլ շրջաններու օդային տարածքը՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի՝ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան պատ կառուցելու ուղղութեամբ շարունակուող գործողութիւններուն վերաբերեալ ՄԱԿ-ին բողոք ներկայացնելու հրահանգէն ետք:
Նշենք, թէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մամլոյ խօսնակ Անտրէա Թենենթի ըսաւ, որ իսրայէլեան գործողութիւնները տեղի կ’ունենան «Կապոյտ գիծ»-ի հարաւը:
«ԵՈՒՆԻՖԻԼ բոլոր կողմերուն հետ կապի մէջ է՝ երաշխաւորելու սահմանային անվտանգութիւնը, կանխելու հաւանական խախտումներն ու լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ յարմարագոյն լուծումը գտնելու այս հարցին»,- ըսաւ ան:






