Երեքշաբթի, 31. 03. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Ազատ Խօսքի Իրաւունքը Կը Շարունակէ Ճնշուիլ. Ձերբակալուած Է Խորհրդարանի Նախագահի Որդիներու Մասին Լուր Հրապարակած Լրագրողը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ իշխանութիւնը կը շարունակէ ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու միջոցով ճնշել իշխանութիւնն ու պաշտօնեաներու մերձաւորները քննադատող լրագրողները:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական cumhuriyet.com.tr-ն:

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ ներկայիս խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի որդիներուն մասին գայթակղիչ նիւթ հրապարակելուն համար ձերբակալուած է թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի նախկին թղթակից Փելին Ունքերը:

Փելին Ունքերի նիւթը տեղեկութիւն կը պարունակէր Պինալի Եըլտըրըմի եւ անոր որդիներուն՝ «հարկային դրախտ»-ի (տարածք, ուր ոչ տեղական ընկերութիւնները հարկ չեն վճարեր պետութեան)  գայթակղութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու վերաբերեալ:

Իսթամպուլի դատարանը Ունքերը «պետական ծառայողը վիրաւորելու» յատկանիշներով դատապարտած է 1 տարի 1 ամիս ազատազրկումի եւ տուգանած 1500 տոլարի չափով:

Թերթի նախկին թղթակիցը չ’ընդունիր իր մեղքը եւ կը պատրաստուի բողոքարկելու դատարանի անարդար վճիռը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին