Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Պատուիրակութիւնը Կը Մեկնի Ուաշինկթըն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Օնալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փետրուար 5-ին կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «NTV» հեռուստաընկերութիւնը:

Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք հանդիպումին օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ իրադրութիւնը Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս այդ երկրէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն ետք:

Հանդիպումներուն ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալ Տեյվիտ Հեյլը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին