«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի մէջ «խոզակրիբ»-էն (H1N1 վիրուս) վերջին մէկ ամսուան ընթացքին մահացած է 15 հոգի: Այդ մասին Յունուար 11-ին լրագրողներուն յայտնած է Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան կեդրոնի ղեկավար Ամիրան Կամքրելիձէն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Հետազօտութիւններու վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Վրաստանի մէջ H1N1 վիրուսով վարակուելու հետեւանքով մահացած է 15 հոգի»,- յայտարարած է Կամքրելիձէն: Իր խօսքով՝ մահացածներու թիւին մէջ 22-էն մինչեւ 45 տարեկան քաղաքացիներ են: Անոնցմէ երկուքը մահացած է նախօրեակին՝ 24 տարեկան երիտասարդ մը մահացած է Քութայիսի մէջ, 63-ամեայ տղամարդ մը՝ Պաթումի, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:






