«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հարաւային Օսիայի եւ Վրաստանի սահմանը Յունուար 11-ի երեկոյեան փակուած է, մինչեւ որ յատուկ կարգադրութիւն կատարուի այս առումով, ինչը կապուած է կրիբի H1N1 վիրուսը Հանրապետութիւն թափանցելու սպառնալիքին հետ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է Հարաւային Օսիայի պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ՊԱԿ) մամուլի ծառայութիւնը:
Ըստ գերատեսչութեան տուեալներուն՝ Յունուար 10-ին Հարաւային Օսիայի անվտանգութեան խորհուրդը «արտակարգ նիստ գումարած է Վրաստանի մէջ H1N1 տեսակի կրիբի (խոզակրիբ) վիրուսի տարածման կապակցութեամբ, որուն զոհ դարձած է արդէն 13 հոգի»:
«Հանրապետութեան տարածքին վիրուսի հաւանական տարածումը կասեցնելու նպատակով որոշում ընդունուած է Յունուար 11-ին երեկոյեան ժամերէն մինչեւ յատուկ կարգադրութիւն ժամանակաւորապէս դադրեցնել Հարաւային Օսիայի մէջ Վրաստանի հետ պետական սահմանը հատելու վայրերու աշխատանքը»,- ընդգծած են գերատեսչութենէն: Յունուար 10-ին Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկողութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Ամիրան Կամքրելիձէն հաստատած է, որ վիրուսի զոհ դարձած է 13 հոգի, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:






