Երեքշաբթի, 17. 03. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Հնդկաստանի Մօտ 2000 Քաղաքացի Կացութեան Կարգավիճակ Ստացած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստան ապրող 2966 հնդիկներէն աւելի քան 1000-ը կացութեան կարգավիճակ ստացած է ուսումի հիմքով, իսկ մօտ 800-ը՝ աշխատանքի:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթի ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը:

«2018 թուականի 9 ամսուան տուեալներով՝ ՀՀ մուտք գործած է 21061 հնդիկ, իսկ ելքը կազմած է 18095: Հետեւաբար մնացած է 2966 հոգի, եւ անոնցմէ մօտ 2000-ը Հայաստանի մէջ կացութեան վիճակ ստացած է: Մօտ 200 հոգիի վերաբերեալ կարելի չէ պնդել, որ անոնք անկանոն գաղթականներ են, քանի որ կրնան վաւեր անցագիրեր ունենալ, որով կը հիմնաւորուի իրենց կացութիւնը Հայաստանի տարածքին»,- նշեց Ղազարեանը:

Իր խօսքով՝ աճ կը նկատուի, որովհետեւ 2016 թուականին կացութեան կարգավիճակ ստացած է Հնդկաստանի Հանրապետութեան 1086 քաղաքացի, 2017 թուականին՝ 935 քաղաքացի: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին