«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական Հռոմը կը դիտարկէ հնարաւորութիւնը՝ տարբեր երկիրներու մէջ վերականգնելու գործունէութիւնը այն դիւանագիտական ծառայութիւններուն, որ աւելի կանուխ փակուած են: Մասնաւորապէս, խօսքը Սուրիոյ մասին է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, այս մասին յայտարարած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էնցօ Մոյավերօ Միլանեզին:
«Իտալիա կը մտածէ վերաբանալ դեսպանատուները հոն, ուր անոնք ֆիզիքապէս փակուած են՝ այս մէկը կատարելով ամենալայն մաշտաբով: Ինչ կը վերաբերի ուղղակի սուրիական դէպքին, ապա ատիկա ամբողջութեամբ կախուած է այդ երկրին մէջ իրավիճակի զարգացումէն»,- յայտարարած է նախարարը: Ան ընդգծած է, որ Իտալիոյ համար առաջնահերթութիւն է դեսպանատուներ ունենալ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին՝ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այդ երկրին մէջ իրադրութիւնը հեռու է կայուն ըլլալէ, իսկ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան լիարժէք աշխատանքի վերականգնումին համար անհրաժեշտ է աւելի լուրջ կարգաւորում:
2012 թուականին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետեւանքով այդ երկրին մէջ Իտալիոյ դեսպանը կանչուած էր ետ, իսկ աւելի ուշ ետ կանչուած էին իտալացի միւս դիւանագէտներն ալ:






