Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Իսրայէլեան Ռազմական Ինքնաթիռներ Նկատուած Են Պէյրութի Օդային Տարածքին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Իսրայէլի ռազմական ինքնաթիռներ երէկ ներխուժեցին Պէյրութի եւ այլ շրջաններու օդային տարածքը՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի՝ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան պատ կառուցելու ուղղութեամբ շարունակուող գործողութիւններուն վերաբերեալ ՄԱԿ-ին բողոք ներկայացնելու հրահանգէն ետք:

Նշենք, թէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մամլոյ խօսնակ Անտրէա Թենենթի ըսաւ, որ իսրայէլեան գործողութիւնները տեղի կ’ունենան «Կապոյտ գիծ»-ի հարաւը:

«ԵՈՒՆԻՖԻԼ բոլոր կողմերուն հետ կապի մէջ է՝ երաշխաւորելու սահմանային անվտանգութիւնը, կանխելու հաւանական խախտումներն ու լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ յարմարագոյն լուծումը գտնելու այս հարցին»,- ըսաւ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին