«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ իշխանութիւնը կը շարունակէ ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու միջոցով ճնշել իշխանութիւնն ու պաշտօնեաներու մերձաւորները քննադատող լրագրողները:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական cumhuriyet.com.tr-ն:
Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ ներկայիս խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի որդիներուն մասին գայթակղիչ նիւթ հրապարակելուն համար ձերբակալուած է թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի նախկին թղթակից Փելին Ունքերը:
Փելին Ունքերի նիւթը տեղեկութիւն կը պարունակէր Պինալի Եըլտըրըմի եւ անոր որդիներուն՝ «հարկային դրախտ»-ի (տարածք, ուր ոչ տեղական ընկերութիւնները հարկ չեն վճարեր պետութեան) գայթակղութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու վերաբերեալ:
Իսթամպուլի դատարանը Ունքերը «պետական ծառայողը վիրաւորելու» յատկանիշներով դատապարտած է 1 տարի 1 ամիս ազատազրկումի եւ տուգանած 1500 տոլարի չափով:
Թերթի նախկին թղթակիցը չ’ընդունիր իր մեղքը եւ կը պատրաստուի բողոքարկելու դատարանի անարդար վճիռը:






