«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան մէջ 2019 թուականի Յունուար 10-ի դրութեամբ եղանակային կրիբի դէմ պատուաստուած է 6 ամսականէն 5 տարեկան երեխաներու 2.3%-ը, յղիներու՝ 1.6%-ը, 65 տարեկանէն բարձր տարիքի անձանց՝ 1.1%-ը, ժամանակագրական հիւանդներու՝ 6.9%-ը, փակ կազմակերպութիւններու մէջ գտնուող անձանց եւ սպասարկող անձնակազմի՝ 60.6%-ը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը ՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան վարակամերժումի ազգային ծրագիրի ղեկավար Գայիանէ Սահակեանի հաւաստմամբ՝ բոլոր բուժական հիմնարկութիւնները ապահովուած են եղանակային կրիբի դէմ պատուաստանիւթով: «Սուր շնչառական, յատկապէս եղանակային կրիբի վիրուսներուն համար թիրախ են յղիները, 6 ամսականէն 5 տարեկան երեխաները, առողջական խնդիրներ ունեցող, 65 տարեկանէն բարձր, փակ կազմակերպութիւններու (ծերանոցներ, մանկատուներ, բանակ, բուժաշխատողներ եւ այլն ) անձինք: Կը յորդորեմ այս խումբի ներկայացուցիչներուն դիմել բուժական կազմակերպութիւններ՝ պատուաստումներու համար: Անցանկալի բարդութիւններ կրնան յառաջանալ նոյն այս խումբերուն մէջ»,- Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ան:
Հանրապետութեան մէջ կը շրջանառէ կրիբի Ա տեսակի H1N1 ենթատեսակը:






