Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Անթիլիասի Մէջ Խորհրդակցական Նիստեր՝ Հայ Մամուլի Տարի Հռչակման Առիթով

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ հռչակելու առիթով՝ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ՝ յառաջիկայ Ապրիլին զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար։

Խորհրդակցութեան  մասնակցեցան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Արարատ»-ի խմբագիր Աւետիս Փօշողլեան, կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, կաթողիկոսութեան հայագիտական-կրթական գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, տեղեկատուական բաժանմունքի տեսուչ հայր Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։

Խորհրդակցութեան առաջին նիստին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, կարեւորելով հայ մամուլին դերը, անդրադարձաւ այն գլխաւոր գործառոյթներուն, որոնք հայ մամուլը իբրեւ առաքելութիւն պէտք է վերիմաստաւորէ՝ ներկայ ժամանակի պայմաններուն լոյսին տակ։

Յաջորդող նիստերուն, մամուլի գործիչները քննարկեցին համաժողովի ընդհանուր խորագիրին, նիստերուն եւ զեկուցումներուն համար ձեւակերպուելիք թեմաներուն եւ մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերող հարցեր եւ կատարեցին առաջարկներ՝ իբրեւ ուղենիշ նկատի ունենալով վեհափառ հայրապետի հրապարակած պատգամը՝ 2019-ը հայ մամուլի տարի հռչակելու առնչութեամբ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին