Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Սիւննի Հըզպալլայամէտ Երեսփոխանները Կառչած Կը Մնան Ներկայացուցչութիւն Ձեռք Ձգելու Իրենց Պահանջին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  6 սիւննի երեսփոխանները երէկ յայտարարեցին, որ պիտի շարունակեն ամէն գնով կառչած մնալ յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու իրենց պահանջին:

Երեսփոխաններու հանդիպումէն ետք, վեցեակէն մէկը՝ Ֆայսալ Քարամին, նշեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ի զօրու չէ լուծում գտնելու իրենց հարցին:

Հետեւաբար, կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ որեւէ բեկումնային յառաջընթաց չի նկատուիր Մայիս 6-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին