Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Երկու Օդակայաններուն Ուղեւորահոսքը 2018 Թուականին Նախորդ Տարուան Համեմատ Աճած Է 11.9 Տոկոսով

 «ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Անցած տարի Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը կազմած է 2 856 673 ուղեւոր, որ 11.9 տոկոսով կը գերազանցէ 2017 թուականի  ցուցանիշը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-էն կը տեղեկացնեն, որ 2018 թուականին «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 10 տոկոսով: Եթէ 2017 թուականին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 2,448,251 ուղեւոր, ապա 2018 թուականին այդ ցուցանիշը կը կազմէ 2,690,727 ուղեւոր:

2018 թուականին Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 165,946 հոգի: 2017 թուականի 105,664 ուղեւորահոսքի համեմատ աճը կազմած է 57 տոկոս:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան համեմատ, 9.8 տոկոսով աճ գրանցած են նաեւ թռիչք- վայրէջքերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին