«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանի դէմ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) ներկայացուցած հայցին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկանանք Ալեքսանտր Լափշինի Ֆէյսպուքի էջէն: Լափշինը կը յայտնէ, թէ դատարանը որոշում կայացուցած է, որ իր իսկ ներկայացուցած ապացոյցները բաւարար են Ազրպէյճանի դէմ գործ յարուցելու համար:
«Սթրասպուրկի Եւրոպական դատարանը որոշում կայացուցած է, որ Պաքուի մէջ բանտ գտնուելու ժամանակ ինծի նկատմամբ իրականացուած մահափորձի, կտտանքներու մասով ներկայացուցած ապացոյցներս բաւարար են Ազրպէյճանի դէմ գործ յարուցելու համար»,- գրած է Լափշինը:
Լափշինը գրառումին մէջ նշած է նաեւ, որ յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Երեւան: Լափշինը ձերբակալուած էր 2016 թուականին Պելառուսի մէջ: Պաշտօնական Պաքուն էջատէրը «սեւ ցուցակի» մէջ ներառած էր՝ առանց իրենց հետ համաձայնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն պատճառով: Պելառուսի Գերագոյն դատարանը 2017 թուականի Փետրուար 7-ին մերժած էր Լափշինի բողոքը՝ կապուած Պելառուսի գլխաւոր դատախազութեան որոշումին հետ, որով Լափշինը պէտք է արտայանձնուէր Ազրպէյճան: Լափշինը նոյն օրը յատուկ չուերթով տեղափոխուած էր Մինսքէն Պաքու` պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ: Պաքուի՝ ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարանին մէջ Յուլիս 20-ին հրապարակուած էր ՌԴ եւ Իսրայէլի քաղաքացի էջատէր Լափշինի գործով դատավճիռ. ան դատապարտուած էր 3 տարուան ազատազրկումի: 2017 թուականի Սեպտեմբեր 11-ին Իլհամ Ալիեւ Լափշինին ներում շնորհած է:






