«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փոխանակ 30-ի՝ 32-36 անդամնոց նախարարաց խորհուրդ ձեւաւորելու առաջարկը, միտուած կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղիի վերացման, իրաւամբ խայտառակութիւն է: Այս մասին յայտնեց Հզօր Լիբանան պլոքի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ:
«Այդքան նախարարի կարիքը կա՞յ, եւ ի՞նչ է այն նախարարներուն դերը կամ առաքելութիւնը, որոնք որեւէ աշխատանք չեն տանիր, այլ, ընդհակառակը, միմիայն «կը նպաստեն» պետական պիւտճէի մսխումին: Այս մասին երէկ երեսփոխանը յայտնեց «Ալ Ժումհուրիա» թերթին:






